2014-06-30 12:28:06

Ֆրանչիսկոս Պապի 30 յունիսի քարոզը` ''Միջին Արեւելքի մէջ նահատակ քրիստոնեաներու արիւնով կ՝աճի սերմը` տեղական նորածին եկեղեցիներուն''


Երկուշաբթի, 30 յունիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Տոմուս Սանթայ Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, անդրադարձաւ, Միջին Արեւելքի մէջ հալածուած եւ նահատակուած
Քրիստոնեաներուն։
Մեկնելով Եկեղեցւոյ սկզբնական շրջանի` Նէրոն կայսրի օրով զոհուած եւ նահատակուած քրիստոնեաներէն Սրբազան Հայրը հաստատեց ''քաջ գիտենք, թէ Եկեղեցին չաճիր առանց Սուրբ հոգիին, Ան է որ կը սնուցանէ եւ կ՝աճեցնէ եկեղեցին, բայց եկեղեցին պէտք ունի նաեւ քրիտոնեաներու վկայութեան''։
Նորին Սրբութիւնը ներշնչուելով օրուայ սուրբ գրային ընթերցումէն բացայայտեց թէ, ինչպէս պէտք է ըլլայ վկայութիւնը` ''Որպէսզի վկայութիւնը ըլլայ ճշմարիտ՝ պէտք է կատարաուի առանց պայմաններու, հաստատ, ինչպէս Յիսուս մեզմէ խնդրած է` ''թող ձեր ոչը` ոչ ըլլայ եւ ձեր այոն այո՛։
''Այսօր եւս` - ըսաւ Քահանայապետը - եկեղեցւոյ մէջ կան բազմաթիւ նահատակներ եւ հալածուած քրիստոնեաներ, մտաբերենք Միջին Արեւելքին ուր քրիստոնեաներ կը խուսափին հալածանքներէն, քրիստոնեաներ սպպանուած անոնց հալածողներէն'' նոյնիսկ ''քրիստոնեաներ վտարուած իրենց երկրէն'' այդ ալ հալածանք մըն է։
''Այսօր՝ շատ աւելի վկաներ եւ մարտիրոսներ կան Եկեղեցւոյ մէջ քան սկզբնական շրջանը, եւ այսօրուայ սուրբ զոհին ընթացքին, յիշատակելով մեր նախահայրերը, մտածենք մեր հալածուած եղբայրներուն, որոնք կը տառապին եւ իրենց արիւնով` նորածին տեղական շատ մը եկեղեցիներուն սերմը կ՝աճեցնեն։ Աղօթենք իրենց եւ մեզի համար ըսաւ Նորին Սրբութիւնը քարոզը եզրափակելով։







All the contents on this site are copyrighted ©.